Print this page
Կիրակի, 03 Օգոստոս 2014 11:10
Rate this item
(0 votes)

 

 

 

 

     «yerakouyn.com» - Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումը արդէն իսկ ընթացք առած է Բիւրականի մէջ, Հայաստան, մասնակցութեամբ աւելի քան 750 սկաուտներու, որոնք Հայաստան ժամանած են 18 շրջաններէ:

Բանակումը սկսաւ Հինգշաբթի, 31 Յուլիս 2014-ին, դրօշակի պաշտօնական արարողութեամբ, որուն ընթացքին Բիւրականի ընդարձակուած եւ վերանորոգուած բանակավայրին մէջ կատարուեցաւ բացման ներքին հանդիսութիւն:

Ապա, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները բանակումի խմբապետական կազմին եւ շրջաններու գլխաւոր պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Եռաբլուր, ուր ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ նահատակ Վարդան Բախշեանի, Վիգէն Զաքարեանի շիրիմներուն վրայ ու յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ արցախեան պատերազմի նահատակներու յիշատակին:

07-31_hmem-016

 

08_01_HAMAHMEM2

Յետմիջօրէի ժամը 6:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) բանակումին մասնակիցները փառաւոր եւ տպաւորիչ տողանցքով Ազատութեան հրապարակէն ուղղուեցան Հանրապետութեան հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացման հանդիսութիւն` ներկայութեամբ պետական եւ այլ պաշտօնական հիւրերու: Ապա բոլորը ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

07-31_hmem1

 

 

http://www.yerakouyn.com/?p=60652